2014-07-11 10:41:33

Հայ Եկեղեցին մասնակցեցաւ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական եւ գործադիր վարչութեան Ժողովին։


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014, Ժընեւի մէջ, եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին բացումը:
Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին.
Նոյն օրը, ժողովականներ լսեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկոյցը: Ապա, տեղի ունեցան Կեդրոնական Վարչութեան Ենթայանձնախումբերու անդամներու ընտրութիւնը
Յաջորդող օրերուն, « Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» ընդհանուր թեմային շուրջ, ժողովականներ հաւաքական եւ խմբական քննարկումներով գծեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յաջորդ եօթը տարիներու աշխատանքային ընթացքը:
Ժողովի վերջին օրը, 8 Յուլիսին, տեղի ունեցան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Յանձնաժողովներու անդամներուն ընտրութիւնը: Յաջորդ եօթը տարիներուն, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Նարեկ Սրբազան պիտի ծառայէ Գործակցութեան Յանձնաժողովին մէջ, Վանա Կիտցինեան` Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին մէջ եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան Միջազգային Հարցերու Յանձնաժողովին մէջ:
9 Յուլիսին, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Նարեկ Սրբազան: Գործադիր Վարչութիւնը քննարկեց Կեդրոնական Վարչութեան առած տնտեսական եւ վարչական կարեւոր որոշումներուն անմիջական գործադրութիւնը եւ որոշեց յաջորդ Գործադիր Վարչութեան ժողովը գումարել 20-26 Նոյեմբեր 2014-ին, Կիպրոսի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.